Մարտ 21ին Թուրքիոյ տարածքէն խուժած զինեալ ծայրայեղականներու Քեսապի եւ շրջակայքի վրայ յարձակումը, խոր մտահոգութիւն պատճառեց աշխարհաձրիւ հայութեան: Երեք տարիներէ ի վեր Սուրիական տագնապը հրահրող զանազան խմբաւորումներու հակահայ ոճրագործութիւններուն հերթական վերջին զոհը դարձաւ Քեսապը, կասկած չի թողնելով որ այս բոլորի կազմակերպիչը Թրքական պետութիւնն է, առնուազն լռելեայն հովանաւորութեամբը Արեւմտեան աշխարհի:

Առ այդ, Հայկական Վերածնունդ Շարժումը.
-Խստիւ կը դատապարտէ ահաբեկչական այս անարգ յարձակումը Քեսապի խաղաղ բնակչութեան վրայ.
-Կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան, այս դժուար պահին թիկունք կանգնելու Քեսապահայ իրենց աղէտեալ ազգակիցներուն.
-Կոչ կ’ուղղէ Սուրիական պետութեան եւ ՄԱԿի պատկան մարմիններուն, երաշխաւորելու տեղահան դարձած Քեսապի հայութեան ապահովութիւնը.

Կատարուած աղէտը դարմանելու անմիջական նկատուող օգնութիւններէն անդին, կարեւոր կը նկատենք նաեւ անյապաղօրէն համազգային քննարկման նիւթ դարձնել տարածաշրջանի հայութեան ապագայի հարցը: Ցաւով կը տեսնենք, որ դժբախտաբար հերթական անգամ հայութեան մէկ հատուածը զոհ կ’երթայ միջ-պետական շահարկումներու: Հակառակ անոր, որ Քեսապի վրայ յարձակման վտանգը քանի մը տարիներէ ի վեր սպասուող հաւանականութիւն էր, անգամի մը համար եւս անակնկալի գալով, մենք չկարողացանք նախապատրաստական քայլեր առնել այդ ուղղութեամբ: Ինը երկիրներու մէջ հաստատուած Հայկական Վերածնունդ Շարժման մասնաճիւղերը, իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն սատարելու այս քննարկման: Նկատի առնելով Լիբանանի մասնաճիւղի աշխարհագրական դիրքը, իրաւասութիւն կու տանք անոր, հարկ եղած շփումները սկսելու այս ուղղութեամբ:

Հայկական Վերածնունդ Շարժում
Մարտ 31, 2014

Los Angeles Chapter

Leave a Comment

Սոցիալական Ցանցերում

Ֆեյսբուք

Մոտակա Միջոցառումները

No results found.