• Event Time:

Բեյրութ Հուլիսի8 2016

Յարգելի հայրենակից,

“Հայկական Վերածնունդ” – Լիբանանի Մասնաճիւղի վարչութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու Հայաստանի եւ Հայկական սփիւռքի պատմութեան, ներկային եւ ապագայի հեռանկարներուն նուիրուած հանրային հանդիպումներու շարքի մը, որուն առաջին մասը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս, 8, 2016-ին, ժամը 18:00, *White Tower – Hotel, Jal el dib* պանդոկին մէջ, Զալքա, Լիբանան:

Հանդիպումներուն նպատակն է մասնագէտներու եւ հանրային գործիչներու զեկուցումներու օգնութեամբ ընդլայնել հայկական խնդիրներու մասին հանրութեան իրազեկուածութեան եւ հետաքրքրուածութեան շրջանակը եւ յառաջացնել միջավայր՝ նոյն խնդիրներու քննարկման եւ անոնց լուծումներուն մասին հնարաւոր յանձնարարականներու առաջադրման համար:
Հանդիպումներու շարքի առաջին մասի նիւթերը գլխաւորաբար կը բխին պատերազմական այն իրականութենէն, որուն դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայութիւնը՝ 2016 թուականի Ապրիլեան յայտնի օրերուն: “Արցախեան Տագնապ. Նոր Մարտահրաւէրներ” ընդհանուր խորագրին տակ զեկուցումներ պիտի ներկայացնեն,

1) Ազգագրագէտ, հանրային գործիչ Տիկին Հրանուշ Խառատեան:
2) Հիմնադիր Խորհրդարանի նախագահ պրն. Գարեգին Չուքասըզեան։
3) Մոտուս Վիվենտի նախագահ պրն. Արա Պապեան.
4) Լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած զօրավար Նարեկ Աբրահամեան։
5) Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին փոխ նախագահ պրն. Կարապետ Ռուբինեան։
6) Հայկական Վերածնունդ – Լիբանանի Մասնաճիւղի վարչութեան համակարգող պրն. Թորոս Սէֆիլեան:

Եւ Սոյն հանդիպումին եւ ընդհանրապէս այս շարքին վերաբերող որեւէ տեղեկատուութեան համար կը խնդրենք չվարանիլ դիմելու “Հայկական Վերածնունդ” – Լիբանանի Մասնաճիւղի վարչութեան, որուն համար կանխաւ կը յայտնենք շնորհակալութիւն:

Թորոս Սէֆիլեան

Հայկական Վերածնունդ – Լիբանանի Մասնաճիւղի վարչութեան համակարգող

Los Angeles Chapter

1 Comment

Leave a Reply to Vahe Cancel reply